ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Օլսըն պիտի այցելէ Հայաստան

ԱՄՆ պետական քարտուղարի տեղակալ Օլսըն պիտի այցելէ Հայաստան

ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ գործերով նորանշանակ փոխտեղակալ Էրիքա Օլսըն պիտի այցելէ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան՝ տարածաշրջանային համագործակցութիւնը խթանելու եւ երկկողմ հարցեր քննարկելու նպատակով։ Երեւանի մէջ գտնուելու ընթացքին պետական քարտուղարի փոխտեղակալ Օլսըն 2-4 Նոյեմբերին պիտի մասնակցի հարաւկովկասեան տարածաշրջանի ԱՄՆ առաքելութիւններու ղեկավարներու համաժողովին։

Համաժողովին պիտի մասնակցին Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին, Վրաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քելի Տեկնանը, Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լի Լիթցընպըրկըրը, ինչպէս նաեւ կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով գլխաւոր խորհրդատու Էնտրու Շոֆըրը եւ ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութեան ուաշինկթընեան գրասենեակի փոխտնօրէն Ալեքսանտր Սոքոլովսքին։

Համաժողովի մասնակիցները ներքին քննարկումներէ զատ նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Հարաւկովկասեան տարածաշրջանի ԱՄՆ առաքելութիւններու ղեկավարներու նախորդ համաժողովները տեղի ունեցած են Պաքուի (2019) եւ Թիֆլիսիի մէջ (2018)։