image

ԱՄՆ կը զգուշացնէ չինական ընկերութիւնները

ԱՄՆ կը զգուշացնէ չինական ընկերութիւնները

ԱՄՆ չինական ընկերութիւններժը զգուշացած է, որ անոնք պիտի բախին հետեւանքներու, եթէ Ուքրանիա ներխուժելու պարագային, Ռուսաստանի հանդէպ սահմանուելիք պատժամիջոցներու պայմաններուն մէջ, փորձեն օգնել ռուսական ընկերութիւններուն` խուսափելու արտահանման վերահսկողութենէ:

Պետատակն քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս այդ մասին ըսաւ այն բանէն յետոյ, երբ Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց Ուքրաինիոյ հարցով Փեքինի եւ Մոսկուայի դիրքորոշումներու համաձայնեցման մասին:

«Մենք շարք մը գործիքներ ունինք, որոնք կրնանք կիրառել, եթէ տեսնենք, որ դուրսի ընկերութիւնները, այդ շարքին` Չինաստանի մէջ, հնարաւորինս կ'ընեն ԱՄՆ-ի սահմանած արտահանման վերահսկողութենէ խուսափելու եւ շրջանցելու համար», ըսած է Նետ Փրայս: