Միացեալ Նահանգներու հարկատուներու գումարները պէտք չէ երթան Ատրպէյճան, երկիր, որ տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւն ստեղծած է։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի փոքր ձեռնարկատիրութեան հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Մարքօ Ռուպիոն:
«Ծերակոյտի իմ գործընկերները համակարծիք են, եւ մենք միասին ընդունեցինք «Հայկական պաշտպանութեան հռչակագիր» օրինագիծը: Ես կոչ կ՚ընեմ Ներկայացուցիչներու պալատի իմ գործընկերներուն ընելու նոյնը»,-գրած է ան: