image

ԱՄՆ-էն առաջ անցնելով. Չինաստանը աշխարհի մէջ առաջին դիւանագիտական ​​ուժն է

ԱՄՆ-էն  առաջ անցնելով. Չինաստանը աշխարհի մէջ առաջին դիւանագիտական ​​ուժն է

2024 թուականի «Համաշխարհային դիւանագիտութեան ցանկ»ը ցոյց կու տայ, որ Չինաստանը կը գերազանցէ ԱՄՆ-ն՝ ունենալով աշխարհի մէջ ամենամեծ դիւանագիտական ​​ցանցը։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր՝ «Ալ Մայատին»

Աւստրալական «Լոուի» հիմնարկի կողմէ հրապարակուած 2024 թուականի «համաշխարհային դիւանագիտութեան ցանկ»ը ցոյց տուած է, որ Չինաստանն ունի ամենամեծ դիւանագիտական ​​ցանցն աշխարհի մէջ՝ առաջ անցնելով ԱՄՆ-էն:

«Լոուի» հիմնարկը յայտարարած է, որ «Չինաստան ամենամեծ դիւանագիտական ​​ուժն է աշխարհի մէջ, եւ ան աւելի լայն ներկայութիւն ունի, քան Միացեալ Նահանգները՝ միջազգային ասպարէզներու մէջ»:

«Համաշխարհային դիւանագիտութեան ցանկը» կը դասակարգէ 66 երկիր եւ տարածաշրջան՝ ըստ աշխարհի մէջ զբաղցուցած դիւանագիտական ​​պաշտօններու։

Նոր հրապարակուած դասակարգմամբ առաջին տեղը կը գրաւէ Չինաստանը՝ ունենալով 274 դիրք՝ իր դիւանագիտական ​​ցանցին մէջ, երկրորդ տեղը՝ ԱՄՆ-ն՝ 271 դիրքով։

Զեկոյցի մանրամասներութիւններուն մէջ, արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Փեքինը կ՚առաջդիմէ Ափրիկէի, Արեւելեան Ասիոյ, Խաղաղովկիանոսեան կղզիի երկիրներու, Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, մինչդեռ Ուաշինկթըն դեռ առաւելութիւն ունի Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Կեդրոնական Ամերիկայի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ, եւ անոնք հաւասար են Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ։

Իր հերթին, «Լոուի» հիմնարկի Հասարակական կարծիքի եւ արտաքին քաղաքականութեան ծրագրի տնօրէն Ռայան Նիլամն ըսած է. «Դիւանագիտութիւնը յաճախ կ՚անտեսուի որպէս ազդեցութեան չափանիշ, սակայն այն պետականութեան մը ամենակարեւոր տարրերէն մին է»:

Ան աւելցուցած է, որ «Համաշխարհային դիւանագիտութեան ցանկ»ը ցոյց կու տայ, որ կառավարութիւնները կը շարունակեն ներդրումներ կատարել դիւանագիտութեան մէջ՝ ուժ դրսեւորելու եւ իրենց շահերուն հասնելու համար»:

Աւելի վաղ ամերիկեան «Modern Diplomacy» կայքը յայտնած էր, որ Չինաստանը վերջին տարիներուն որոշիչ ուժ ձեռք բերած է Հարաւարեւելեան Ասիոյ եւ Ափրիկէի տարածաշրջաններուն մէջ։

Ըստ ամերիկեան կայքին՝ Չինաստանի վերելքը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ նորութիւն մի  չէ, եւ այն՝ տնտեսութեան մէջ աճող ազդեցութեան եւ վստահելի գործընկերոջ վերածուելուն զուգահեռ, նպաստեց նաեւ Չինաստանի վերելքին՝ քաղաքական ոլորտին մէջ։

Կայքը աւելցուցած է. «Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու կողմէ Չինաստանը կը համարուի վստահելի գործընկեր, քանի որ չինական շահերու մեծ մասը կեդրոնացած է տնտեսական հեռանկարի վրայ, եւ   այն  պատճառով, որ Չինաստանը տարածաշրջանային վէճերուն առընթեր միշտ հանդէս եկած է, որպէս չէզոք կողմ»։

Զեկոյցին համաձայն, Չինաստանը հաստատակամ մնացած է միջազգային գործողութիւններ ձեռնարկելու իր կոչին մէջ, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւնները՝ անվտանգութեան խնդիրները լուծելու համար:

Ամերիկեան կայքը ԱՄՆ-ի եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու միջեւ փոփոխուող յարաբերութիւնները համարած է գործօն, որ թոյլ տուած է Չինաստանին «փայլիլ» Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։