image

Ամերիկահայ գործարար Մայք Սարեանի ընկերութիւնը նոր յաջողութիւններ կը գրանցէ

 Ամերիկահայ գործարար Մայք Սարեանի ընկերութիւնը նոր յաջողութիւններ կը գրանցէ

 

 

Այն օրէն երբ, ամերիկահայ յայտնի ձեռներէց Մայք Սարեանը հրաժարեցաւ առողջապահական «Փրայմ» ընկերութեան մէջ իր բարձր պաշտօնէն, յայտնի էր արդէն, որ ան ընթացք պիտի տայ նոր եւ շատ աւելի առաջադէմ ու յաջողակ գործունէութեան մը։ 

 Այս օրերուն անոր գլխաւորած American Health Care ընկերութիւնը կարողացած է երկրորդ կարեւոր քայլ մը առնելով իր հովանաւորութեան տակ առնել հանրայայտ South City Hospital-ը։ 

 Ի դէպ անցնող օրերուն Սարեան, որ կարճ զրոյց մը ունեցաւ «Արեւելք»ին հետ նշեց, որ աշխատանքները շատ մեծ յաջողութիւններով առաջ կը յառաջանան, յայտնելով նաեւ, որ մօտիկ յառաջիկային իրենց հովանիին տակ մտնող հիւանդանոցներու թիւը կարեւոր աճ պիտի արձանագրէ։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Սարեան, որ անհատական մակարդակի կարեւոր ձեռքբերումներու հասած գործածար է, եւ  ազգային մակարդակի վրայ կարեւոր ներդրումներ կ՚ունենայ եւ բարերարութիւններ կը կատարէ, ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքին, այլ նաեւ իր նեցուկը ցոյց կուտայ Արցախի, Հայաստանի տարբեր շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ իր սիրելի ծննդավայր՝ Լիբանանի հայկական համայնքին։

 Սարեանի ընկերութեան վերջին յաջողութեան մասին մանրամասն գրած է Saint Louis post dispatch թերթը, որուն հրապարակումը ՝ թարգմանաբար կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան 

 

«Ամերիքըն Հէլթքէլ Սիսթըմս» ընկերութիւնը պիտի ղեկավարէ «Սաութ Սիթի Հոսբիթըլ»ը՝ միջանկեալ կառավարման համաձայնագիրով,-ըսած է փաստաբան Մայըր Քլէյնը, որ հիւանդանոցի ներկայ սեփականատէրերու ներկայացուցիչն է:

 

«Ամերիքըն Հէլթքէլ Սիսթըմս»ի նախագահ եւ գործադիր տնօրէն Մայքըլ Սարեան խօսելով այդ մասին մասնաւորապէս նշած է, որ «ընկերութիւնը պարզապէս կը սպասէ հիւանդանոցի արտօնագրի եւ «Մէտիքէր»ի ու «Մէտիքէյտ»ի թիւերու փոխանցմանը

 Նշենք նաեւ, որ հարաւային «Սէնթ Լուիս» փոքր հիւանդանոցը տարիներ շարունակ ֆինանսական դժուարութիւններու առջեւ գտնուած է։ Հիւանդանոցը գնողը եղած է «Ամերիքըն Հէլթքէլ Սիսթըմս»ը։

Երբ Սարեան «Փրայմ» ընկերութիւնը կը ղեկավարէր, իր աշխատանքը կենդրոնացած էր ֆինանսական դժուարութիւններ ունեցող հիւանդանոցներու վիճակը բարելաւելու վրայ։

 

Սարեանը նաեւ ըսած է, որ երկու տարի առաջ հեռացած է «Փրայմ»էն՝ ամերիկեան առողջապահական համակարգեր ստեղծելու համար: Ընկերութեան առաջին ձեռքբերումը եղած է Հիւսիսային Գարոլայնայի «Ռանտոլֆ Հէլթ» հիւանդանոցը: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ նաեւ ձեռք բերել 350 մահճակալով հիւանդանոց մը , Իլինոյ Նահանգին մէջ:

 

«Մենք կը ցանկանք տիրանալ նեղութեան մէջ գտնուող հիւանդանոցներուն եւ փրկել զանոնք, որպէսզի անոնք կարենան ծառայել համայնքներուն», - ըսած է Սարեան: Ան նաեւ բացատրած է, իր գլխաւորած առողջապահական ընկերութեան հիմնարար նպատակները ըսելով ՝«Մեր հիմնական ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնենք հիւանդանոցներու վրայ եւ կ՚ուզենք վստահ ըլլալ, որ մեր տնօրինութեան տակ գտնուող հիւանդանոցները շուտով ոտքի պիտո կանգնին ու շարունակեն իրենց առաքելութիւնը»։

 

 Բարերար Սարեան իր կողակիցին հետ