image

Ամերիկացի զօրավար. Ուքրանիոյ պատերազմը... դժուարին է

Ամերիկացի զօրավար. Ուքրանիոյ պատերազմը... դժուարին է

Ուքրանական հակայարձակումը հեռու է ձախողում ըլլալէ, բայց յառաջիկայ մարտը երկար եւ արիւնալի պիտի ըլլայ, Ուաշինկթընի մէջ լրագրողներուն ըսած է Միացեալ Նահանգներու բանակի շտաբներու պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ, զօրավար Մարք Միլին։

«Կը կարծեմ, որ դեռ շատ մարտեր կը սպասուին, եւ ես հաւատարիմ եմ այն ​​ամէնուն, որ նախապէս ըսած ենք. այդ մարտերը երկար  պիտի ըլլան: Ծանր պիտի ըլլայ։ Արիւնոտ պիտի ըլլայ»,- յայտնած է BBC-ն։

Ան Ուքրանիոյ գլխաւոր խնդիրը անուանած է ականապատ դաշտերը։

Ան կը կարծէ, որ Ռուսիոյ խնդիրներուն աւելցած են «Վակներ»ի ղեկավար Վակներ Փրիկոժինի ապստամբութեան պատճառով առաջացած անկարգութիւնները, հաղորդած է Փենթակոնի մամուլի ծառայութիւնը։

Անոր խօսքով՝ միջազգային գործընկերները Ուքրանիոյ հակայարձակման համար աւելի քան 63 հազար զինուոր պատրաստած են: