image

Ամերիկացի զինուորներ մասնակից պիտի չըլլան Կազայի մարտերուն

Ամերիկացի զինուորներ մասնակից պիտի չըլլան Կազայի մարտերուն

ԱՄՆ-ն ոչ հիմա, ոչ ալ հետագային կը նախատեսէ ամերիկացի զինծառայողներ ուղարկել Կազա, սակայն գործընկերներու հետ կը քննարկէ հակամարտութեան աւարտէն ետք այնտեղ որոշակի «միջազգային խաղաղապահ» ներկայութիւն տեղակայելու հնարաւորութիւնը։ Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի խօսնակ Ճոն Քըրպին։

«Հիմա կամ ապագային Կազայի մէջ ամերիկացի զինուորականներ տեղակայելու ծրագրեր կամ մտադրութիւններ չկան»,-ըսած է Քըրպին։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ն գործընկերներու հետ կը քննարկէ, թէ «ինչ տեսք պէտք է ունենայ Կազան հակամարտութեան աւարտէն ետք», ինչպէս նաեւ այդ տարածքին մէջ «որոշակի միջազգային ներկայութեան» հնարաւոր տեղակայումը։

«Սակայն ատոր վերաբերեալ որեւէ որոշում չէ կայացուած», - ընդգծած է Սպիտակ տան ներկայացուցիչը։