Ուքրանիոյ հետ պայմանաւորուածութիւնները պէտք է լիովին բացառեն ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը դէպի արեւելք: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Անհրաժեշտ է բանակցիլ այնպէս, որ ամբողջութեամբ բացառուի ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումը դէպի արեւելք, առաջին հերթին դէպի Ուքրանիա», ըսած է Լաւրով:
Անոր խօսքով, եթէ Ուքրանիան մերժէ քննարկել ապառազմականացումն ու ապաազգայնականացումը, ապա այդ պիտի չնպաստէ բանակցութիւններու շարունակման: