Ալմա Աթայէն ստացուող հաղորդումներուն համաձայն, մարտերը կը շարունակուին, կան տասնեակ զոհեր, իրավիճակը կը մնայ լարուած։
Կէսգիշերին Ալմա Աթայի իշխանութիւնը յայտարարեց քաղաքին մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւններու մեկնարկի մասին՝ «կարգուկանոնը վերականգնելու եւ անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով»:
Ղազախական պաշտօնական աղբիւրներու փոխանցմամբ, գիշերային բախումներու ընթացքին տուժած է իրավապահ մարմինների 353 աշխատակից, սպաննուած է տասներեք ուժային, որոնցմէ երկուքը՝ գլխատուած։
Աւելի վաղ Ղազախստանի առողջապահութեան փոխնախարար Աժար Կինիյաթը յայտարարած է, որ բախումներու ընթացքին տուժած է աւելի քան հազար մարդ։