image

Ալիեւի հերթական «անհեթեթի թատրոն»ը. Երեւանի ուսուցչական կեդրոնը ատրպէյճանական է

Ալիեւի հերթական «անհեթեթի թատրոն»ը. Երեւանի ուսուցչական կեդրոնը  ատրպէյճանական է

Ատրպէյճանի նախագահը հանդէս եկած է նոր նախաձեռնութեամբ, որ կոչուած է «հիմք» ստեղծելու Հայաստանի դէմ տարածքային պահանջներու համար։

Իլհամ Ալիեւ այս անգամ «ատրպէյճանականացուցած է» Երեւանի ուսուցչական կեդրոնը: 

Ալիեւը նախօրէին հրաման ստորագրած է «Իրեւանի ուսուցչական կեդրոնի» 140-ամեակի միջոցառումներու նախապատրաստման մասին։ Այդ կապակցութեամբ Ատրպէյճանի կրթութեան նախարարութիւնը նախապատրաստած է ծրագիր, նախարարներու խորհուրդին յանձնարարուած է լուծել կարգադրութենէն բխող հարցեր։ Որոշման մէջ, մասնաւորապէս, կ'ըսուի, որ 1881 թուականին (Ատրպէյճանի յայտնուելէն կէս դար առաջ- Խմբ․) ստեղծուած կեդրոնը «գովելի ներդրում ունեցած է Իրեւանի տեղի պահպանման գործին մէջ, ուր ատրպէյճանցիները կազմած են հասարակական-գրական, գիտական-մշակութային կեանքի աւանդական բովանդակութեան եւ գործունէութեան պահպանման գործին մէջ մեծամասնութիւն, յիշարժան էջէր գրած են մանկավարժական մտքի տարեգրութեան մէջ»։

Այն ակնյայտ փաստը, որ ուսումնական հաստատութիւնը կոչուած է «կեդրոն» եւ, համապատասխանաբար, կ'ենթադրէ քրիստոնէական կրթութիւն, չ'անհանգստացներ Պաքուի իշխանութիւնները։

Սա Երեւանի «ատրպէյճանական պատկանելիութեան» մասին Իլհամ Ալիեւի առաջին յայտարարութիւնը չէ։ Նախապէս ան կը պնդէր, որ սա «իր նախնիներուն հայրենիքն է»։