Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակի կապակցութեամբ (հիմնադրման օրը կը համարուի 29 հոկտեմբեր, 1923):
«Որպէս եղբայրական երկիր՝ մենք մեծ հպարտութիւն եւ ուրախութիւն կ'ապրինք տեսնելով, թէ ինչպէս ժամանակակից Թուրքիան օր ըստ օրէ կը հզօրանայ եւ իր արժանի տեղը կը գրաւէ ամենազարգացած երկիրներու շարքին։ Ատրպէյճանական ժողովուրդի ազգային առաջնորդ Հէյտար Ալիեւի յայտարարութիւնը՝ «մէկ ազգ, երկու պետութիւն», կ'արտայայտէ մեր ժողովուրդներու եղբայրութիւնը, միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը եւ կ'արտացոլէ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու իրական բնոյթը։ Հպարտութեամբ կ'ուզեմ նշել, որ որպէս այս փիլիսոփայութեան ապացոյց՝ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան հիմա աշխարհի ամենամօտ երկիրներն ու դաշնակիցներն են»,- նշուած է Ալիեւի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:
Ալիեւ վստահեցուցած է, որ ատրպէյճանական ժողովուրդը երբեք չի մոռնար «Հայրենական պատերազմի ընթացքին եւ անկէ յետոյ եղբայրական թրքական պետութեան եւ ժողովուրդի միանշանակ քաղաքական աջակցութիւնն ու վճռական դիրքորոշումը Ատրպէյճանի արդար գործի եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման հարցով»։