image

Ալիեւ. «Շուշիի հռչակագիր»ը պատմական նշանակութիւն ունի

Ալիեւ. «Շուշիի հռչակագիր»ը պատմական նշանակութիւն ունի

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ըսած է, որ Շուշիի հռչակագիրը «պատմական նշանակութիւն» ունի եւ «նոր էջ կը բանայ ատրպէյճանա-թրքական ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ»:

Այս մասին ըսուած է Ալիեւի շնորհաւորական ուղերձին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին` ծննդեան օրուան առիթով:

«Մենք մտադիր ենք ալ աւելի ընդլայնել եւ զանազանացնել եղբայրական Թուրքիոյ հետ մեր համագործակցութիւնն ու բեղմնաւոր կապերը, որոնք օրէ օր կը հարստանան նոր բովանդակութեամբ: Յարգելի Եղբայր, կը մաղթեմ Ձեզի քաջառողջութիւն, երկար տարիներու կեանք, երջանկութիւն, նորանոր յաջողութիւններ պատասխանատու գործունէութեան մէջ` յանուն Թուրքիոյ եղբայրական ժողովուրդի բարեկեցութեան եւ բարգաւաճման», ըսուած է ուղերձին մէջ:

Աւելի վաղ այս շաբաթ Իլհամ Ալիեւ «պատմական ձեռքբերում» որակած էր  Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դաշնակցային փոխգործակցութեան մասին Փետրուար 22-ին կնքուած հռչակագիրը:

«Ատրպէյճանը դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի երկու մեծ երկիրներու, երկու հարեւաններու հետ: Չեմ կարծեր, թէ որեւէ այլ երկիր կրնայ պարծենալ անով: Չեմ խօսիր այն մասին, որ այդ երկիրներէն մէկը ՆԱԹՕ-ի անդամ է, միւսը` ՀԱՊԿ-ի ղեկավարը: Սա իսկապէս ձեռքբերում է», նշած էր Ալիեւ: