Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պատուիրակութիւնը հրաւիրած է այցելելու գրաւուած տարածքներ: Այս մասին Ալիեւ յայտարարած է Կրթութեան գիտութեան եւ մշակոյթի իսլամական կազմակերպութեան (ISESCO) գլխաւոր տնօրէն Սալիմ Պըն Մոհամմատ Ալ Մալիքի հետ հանդիպման:
«Սակայն, չնայած, որ պատերազմի աւարտէն անցած է արդէն մէկուկէս տարի, այդ կազմակերպութեան ներկայացուցիչները չեն այցելած այդ տարածքներ», ըսած է Ալիեւ, թէեւ նոյնինքն Ատրպէյճանը կը հրաժարէր ընդունելէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ներկայացուցիչները:
Նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդգծած է, որ ISESCO-ի գործունէութիւնը եւ անոր փորձագէտներու մասնակցութիւնը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ նիւթական վնասի գնահատման գործին մէջ: