image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հակամարտութեան ձեւակերպումի փոփոխութեան վտանգը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Հակամարտութեան ձեւակերպումի փոփոխութեան վտանգը

Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումէն ետք Ազրպէյճանի նախագահին յայտարարութիւնը, թէ ինք  կը հաւատայ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիրը կարելի է կնքել քանի մը ամիսէն, վերստին կ՛ընդգծէ Պաքուի շտապողականութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու: Այս շտապողականութեան իբրեւ հիմնաւորում Ալիեւ կը հաստատէ, որ հայկական կողմը ընդունած է Ազրպէյճանի առաջարկած հինգ կէտերը, եւ այդ համաձայնութիւնը վերահաստատած է Հայաստանի վարչապետը Պրիւքսելի հանդիպումին: Աւելի մանրամասնելով ան յստակացուցած է, որ եռակողմ հանդիպումին ընթացքին կայացած համաձայնութեան հիման վրայ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը ձեռնարկեն բանակցութիւններու:

Պաշտօնական Երեւանի արձագանգը եղաւ արտաքին գործոց նախարարին ճամբով: Ուրեմն. հայկական կողմի տեսակէտը Ազրպէյճանի  առաջարկած հինգ կէտերուն վերաբերեալ անփոփոխ է: Ինչպէս նախապէս յայտարարուած էր, այդ կէտերուն մէջ անընդունելի կէտ չկայ: Սակայն այդ կէտերը ամբողջութիւնը չեն կազմեր Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան օրակարգի բոլոր խնդիրներուն: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին հասցէագրուած հայկական կողմի պատասխանը ներառած է համապարփակ խաղաղութեան բոլոր հարցերը:

Այս բացատրութենէն ետք Երեւանը մեղադրած է Պաքուն խաղաղութեան հասնելու մտադրութեան անկեղծութեան մէջ եւ պայմանաւորուածութիւնները կատարելէ խուսափելու, բանակցութիւնները կամայական մեկնաբանելու եւ ընդհանրապէս խաղաղութեան գործընթացը տապալելու ու ցեղային զտում կատարելու քաղաքականութիւնը շարունակելու մէջ:

Յիշենք Ազրպէյճանի 5 կէտերը.

1.- Ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, պետական սահմաններու անխախտելիութեան եւ քաղաքական անկախութեան փոխադարձ ճանաչում:

2.- Պետութիւններուն կողմէ իրար նկատմամբ տարածքային պահանջներու բացակայութեան փոխադարձ հաստատում եւ ապագային նման պահանջներ չներկայացնելու իրաւական պարտաւորութիւն:

3.- Ձեռնպահ մնալ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ իրար  նկատմամբ անվտանգութեան սպառնալիքէն, քաղաքական անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ սպառնալիքներու եւ ուժի կիրառումէն, ինչպէս նաեւ ձեռնպահ մնալ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներուն չհամապատասխանող քայլերէն:

4.- Սահմանազատում եւ սահմանագծում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում:

5- Փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացում, համապատասխան այլ հաղորդակցութիւններու ստեղծում եւ համագործակցութիւն` փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ:

Թէեւ որոշ լրացումներով Երեւանը վերապահութիւններ փոխանցած էր ԵԱՀԿ-ին, այդուհանդերձ Պրիւքսելէն բխած յայտարարութիւնը կ՛ազդարարէր խաղաղութեան համաձայնութեան նախապատրաստական աշխատանքներու ձեռնարկելը` ընդգծելով սահմանազատում-սահմանագծում գործընթացը:

Երեւանի լրացումները հիմնականին մէջ կ՛արծարծէին այն, որ  հայկական կողմին համար հիմնարար են Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան երաշխաւորման, անոնց իրաւունքներու եւ ազատութիւններու յարգման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակի որոշման հարցերը: Խաղաղութեան գործընթացին մէջ ներգրաւուելու եւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատելու համար` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու միջազգային դաշնագիրին առընթեր յիշուած էր Հելսինքեան եզրափակիչ աքթը, ինչ որ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի կէտի ներառումն է: Եւ վերջապէս. համապատասխան բանակցութիւններու կազմակերպման համար հայկական կողմը դիմած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն:

Այս վերապահումները չեն հեռացներ վտանգը կամ չեն նուազեցներ Ազրպէյճանի ճշդած խաղի կանոններուն չենթարկուելու հաւանականութիւնը:

Ամբողջ խաղը կ՛ընթանայ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան գործընթաց ձեւակերպումով, որ ինքնին հակամարտութեան էութիւնը փոխելու կը միտի. Արցախ-Ազրպէյճան հակամարտութիւնը վերածել Հայաստան-Ազրպէյճանի` այսպիսով  Արցախի հարցը անցեալ նկատելով:

Հայկական կողմի բանակցային ռազմավարութիւնը նկատի պիտի ունենայ, որ Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան գործընթացը կրնայ սկսիլ միայն Արցախի հակամարտութեան լուծումով: Որուն համար կան միջազգային սկզբունքներ, հիմնուած` Հելսինքեան եզրափակիչ աքթին վրայ: Եւ որուն համար կայ միջազգային լիազօրութիւն ստացած միջնորդական ձեւաչափ: Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի յարգումի հիման վրայ Արցախի կարգավիճակի ճշդումէն ետք է, որ կը մեկնարկեն Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան օրակարգի բնակցութիւնները: Իսկ ինքնորոշումը նաեւ տարածքային ամբողջականութիւն է. նաեւ` անկախութիւն:

Առանց Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման անցում կատարելը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան բանակցութիւններուն, ներքաշուիլ է թուրքեւազրպէյճանական խաղին:

 

«Ա.»