image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ՝ «Ազդակ»էն. Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ Պարանձգութիւն` ՄԱԿ-ի 2 Խաղադաշտերու Վրայ

Ակնարկ՝ «Ազդակ»էն. Ուաշինկթըն-Թել Աւիւ Պարանձգութիւն` ՄԱԿ-ի 2 Խաղադաշտերու Վրայ

Այս երկու խաղատախտակներուն վրայ հիմնականին մէջ Ուաշինկթընն է կանոն թելադրողը: Մինչ ամերիկեան եւ իսրայէլեան մամուլը համաժամանակեայ շրջանառութեան մէջ մտած վերլուծականներով կը շեշտեն, որ Իսրայէլ- Միացեալ Նահանգներ պարանաձգութիւնը ըստ էութեան Պայտընի եւ Նեթանիահուի միջվարչակազմային պայքար է եւ չի հպիր երկու պետութիւններուն ռազմավարական գործընկերութեան:

 

ՄԱԿ-ը հերթական անգամ Համաս-Իսրայէլ պատերազմի հրադադարի  բանաձեւ կ՛որդեգրէ պահանջելով անմիջապէս եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակել բոլոր գերիները եւ կռուող երկու կողմերու յարգումը միջազգային օրէնքին, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի քաղաքայիններու պաշտպանութեան:

Բանաձեւը հաւասար հեռաւորութիւն կը պահէ եւ ատով իսկ կը հակադրուի Իսրայէլի մօտեցումին, յատկապէս զինադուլ հաստատելու նախապայմանային դիրքորոշումին: Ուշագրաւ է Պաղեստինեան իշխանութիւններու ողջունումը բանաձեւի որդեգրումին առիթով, ինչ որ կը նշանակէ, որ հաւասար հեռաւորութեան կանոնէն դժգոհ չէ Ռամալլան: Քուէարկութեան պատկերը` 153 թեր, 9 դէմ եւ 23 ձեռնպահ, կը խօսի միջազգային ճնշումի մասին, զինադուլ հաստատելու առումով: Միաժամանակ` Իսրայէլի դիրքորոշումը չբաժնելու:

Նոյն պատկերը չէ անշուշտ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը  շաբաթ մը առաջ  2-րդ անգամ ըլլալով ձախողեցաւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատում պահանջող նախագիծ որդեգրել: Միացեալ Նահանգներ այդ որոշումին դէմ օգտագործեցին իրենց վեթոյի իրաւունքը, իսկ Բրիտանիա մնաց ձեռնպահ, մինչ մնացեալ բոլոր անդամները թեր քուէարկեցին:

Բրիտանիան առաջին անգամը չէ, որ ձեռնպահ կը մնայ: Պարզ է նաեւ, որ նման ռազմաքաղաքական տարողունակ խնդիրի մը դիմաց միջազգային ատեաններու մէջ դիրքորոշումներու համակարգում տեղի կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու եւ Բրիտանիոյ միջեւ: Ձեռնպահութիւնը այս պարագային Իսրայէլին ուղերձ է եւ ազդակ, որ Իսրայէլի դաշնակից նկատուող պետութիւնները անպայման չեն բաժներ Կազայի մէջ Իսրայէլի մղած յարձակումները:

Խնդիրը անշուշտ միայն Կազայով չի բացատրուիր. ընդհանրապէս Իսրայէլի դերի իմաստաւորում է, որ տեղի կ՛ունենայ տարածաշրջանին մէջ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը յայտարարէր, որ Իսրայէլ սկսած է կորսնցնել միջազգային ընտանիքին աջակցութիւնը իր անկանոն ռմբակոծումներուն պատճառով, որոնց պատճառով հազարաւոր պաղեստինցիներ կը զոհուին:

Հակառակ աղէտին, Իսրայէլի անկանոն, կոյր եւ զանգուածներու մահուան պատճառ դարձող յարձակումներուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովներու քուէարկութեան պատկերը այլ բան կրնար ըլլալ, եթէ Միացեալ Նահանգներուն կամ Բրիտանիոյ նման Իսրայէլի ազդեցիկ դաշնակիցները ուզէին արդարացնել Իսրայէլը եւ ընդունիլ Թել Աւիւի առաջ քշած նախապայմանները հրադադար հաստատելու:

Խաղը առայժմ երկու դաշտերուն վրայ տարբեր կանոններով կ՛ընթանայ: ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը կոչերով եւ բանաձեւերով միջազգային ճնշում կը բանեցնէ, մինչ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ուաշինկթըն վեթոյով կը կասեցնէ Թել Աւիւի պայմանները շրջանցող որոշումները:

Այս երկու խաղատախտակներուն վրայ հիմնականին մէջ Ուաշինկթընն է կանոն թելադրողը: Մինչ ամերիկեան եւ իսրայէլեան մամուլը համաժամանակեայ շրջանառութեան մէջ մտած վերլուծականներով կը շեշտեն, որ Իսրայէլ- Միացեալ Նահանգներ պարանաձգութիւնը ըստ էութեան Պայտընի եւ Նեթանիահուի միջվարչակազմային պայքար է եւ չի հպիր երկու պետութիւններուն ռազմավարական գործընկերութեան:

Ուշագրաւ է, որ Իսրայէլեան տարբեր քաղաքներու մէջ նկատառելի կը դառնան հակավարչակազմ բողոքներն ու ցոյցերը, մինչ Ուաշինկթընի մէջ ծայր կ՛առնէ նախագահ Պայտընի նկատմամբ պաշտօնազրկման ընթացակարգ մը, բոլորովին այլ հանգամանքներու հետ կապուած, որոնք կապ չունին Կազայի պատերազմին հետ: Ինքը, ընթացակարգի մեկնարկը կրնայ կապ ունենալ ամերիկեան վարչակազմի յայտարարութիւններուն հետ: Նոյն տրամաբանութեամբ նաեւ ՄԱԿ-ի մէջ ամերիկեան վեթոն` պաշտօնազրկման ընթացակարգը կասեցնելուն հետ: