image
Հրատապ լուրեր:

Ականի պայթումէն երեք ատրպէյճանցի մահացած է

Ականի պայթումէն երեք ատրպէյճանցի մահացած է

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակաթանկային ականի պայթումէն երեք ատրպէյճանցի մահացած է: Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ յղում ընելով Ատրպէյճանի ականազերծման գործակալութեան մամուլի ծառայութեան։

«Պայթած է հակաթանկային ական, որու հետեւանքով երեք մարդ զոհուած է»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Գործակալութեան տուեալներով՝ բոլոր մահացածները Ատրպէյճանի քաղաքացիներ եղած են, որոնք աշխատած են RPS Energy Ltd.-ի մօտ։ Միջադէպը տեղի ունեցած է ոչ ականազերծուած տարածքի մէջ։