image
Հրատապ լուրեր:

ԱՀԱԸ-ի Տարեկան ճաշկերոյթը պսակուած է մեծ յաջողութեամբ

ԱՀԱԸ-ի Տարեկան ճաշկերոյթը պսակուած է մեծ յաջողութեամբ

Մեծ տօնախմբութեամբ տեղի ունեցած է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 103րդ տարեժողովի ճաշկերոյթը: Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ «Ասպարէզէն»:

Աղբիւրը մասնաւորպէս գրած էր.-

Շաբաթ, 22 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կազմակերպեց իր 103րդ Տարեժողովի Ճաշկերոյթը, որուն ներկայ էին առաւել քան 225 հիւրեր աշխարհի տարբեր կողմերէն։

«Հզօրացնել Աւետարանչականի Համաշխարհային Առաքելութիւնը» բնաբանը կրող բարեյաջող ձեռնարկին, այս ընկերակցութիւնը, որ կը ծառայէ իբրեւ միջազգային Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միսիոնարական թեւը եւ կը գործէ 24 երկիրներու մէջ՝ պատուեց երեք երկիրներու իր գործակից ընկերակցութիւնները՝ Գանատա, Աւստրալիա եւ Ֆրանսա։

Ներկայացնելով ընկերակցութիւնը, որ կը խթանէ կրթութիւն, եկեղեցիներ, մարդասիրական եւ երիտասարդական ծրագիրներ ու ճամբարներ աշխարհասփիւռ հայերուն՝ ճաշկերոյթի սեղանները խորհրդանշական կերպով զարդարուած էին աշնանային ծաղիկներով եւ երկրագունդով։

Աւետարանչականի երկարամեայ անդամներ եւ գործօն ծառայողներ Վահրամ եւ Լուսիէն Այնիլեաններ ջերմօրէն բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն՝ անգլերէնով, հայերէնով եւ Ֆրանսերէնով։ «Մենք կանգնած ենք մեր քաջարի ժողովուրդին եւ հերոսական պատմութեան ուսերուն» ըսին անոնք բուռն ծափահարութիւններու տակ։

Վեր. ՃոզէՖ Կարապետեան՝ հովիւը Փարամուսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ Երիցական եկեղեցիին, ուր շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աւետարանչականի 103րդ տարեժողովը, կատարեց բացման աղօթքը, որուն յաջորդեց Ամերիկայի եւ Հայաստանի ազգային օրհներգները՝ կատարողութեամբ Անի ՃիրՃիրեանի։

Փոխանցելով Աւետարանչականի նախագահ Նազարէթ Տարագճեանի ուղերձը՝ Աւետարանչականի գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան ըսաւ. «Մեր վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ Նիւ Ճըրզիի մէջ հինգ տարի առաջ՝ համաճարակի եւ այլ դժուարութիւններու պատճառով, որոնցմով ազդուած էին Աւետարանչականը, Հայաստանը, Արցախը, Լիբանանը եւ Սուրիան: Այս ընթացքին, Աւետարանչականը օգնած է զոհուած եւ հաշմանդամ զինուորներու ընտանիքներուն՝ հոգեւոր եւ մարդասիրական աջակցութեամբ, ինչպէս ատենին օգնած էր Հայաստանի երկրաշարժի բազմաթիւ զոհերուն եւ անոր որպէս արդիւնք բազմաթիւ որբերու։

Յատուկ հիւրերու շարքին Արեւելեան թեմի առաջնորդարանի առաջնորդական փոխանորդ Սահակ Եմիշեանը, «ԹուՖէնքեան» հիմնադրամի ներկայացուցիչ դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի դեսպան Մհեր Մարգարեան եւ Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Լիլիթ Մակունց, որ հակիրճ ելոյթով անդրադարձաւ Աւետարանչականի օրինակելի դերին Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առաջընթացին, անցնող չորս տարիներուն ընթացքին։

Ներկայ էին նաեւ Հայ հանրային գործիչներ Յակոբ եւ Իքա Գույումճեանները, «Թէքէեան»ի պաշտօնատար Յակոբ Վարդիվարեան եւ վարչական Պարգեւ Գալայճեանը, AAHPO-ի նախագահ տոքթ. Լորենս Նաճարեանները, անդամներ՝ Շողակ Յովհաննէսեանի եւ Սեդա Նալպանտեանի հետ, Նիւ Ճըրզիի «Հայկական Ռատիօժամի» տնօրէն Վարդան եւ Ատրինէ Ապտօները, անդամներ Սեդա, Արեն եւ Տիրան Ճէպէճեաններուն հետ. Վերջինս նաեւ լուսանկարեց միջոցառումը։

Ճոխ ընթրիքէն ետք, Աւետարանչականի Գանատական, Աւստրալիական եւ Ֆրանսական գործընկերներու ներկայացուցիչները հերթով բեմ բարձրացան՝ մանրամասնելով իրենց կազմակերպութիւններու աճը եւ արժանիքները՝ տեսանիւթերով եւ իրենց ղեկավարներու ելոյթներով, որոնք խօսեցան իրենց աշխոյժ գործունէութիւններուն մասին։

Զաւէն Խանճեան, իր ոգեշնչից խօսքով յիշեց եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հնարաւոր դարձուցին երեկոն, ներառեալ՝ Աւետարանչականի Փրեմըսի, Կլենտէյլի, Երեւանի եւ Արցախի աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հիւրերուն, որոնք եկած էին աշխարհի տարբեր անկիւններէն:

Ընդգծելով ներկայ դժուար ժամանակները՝ ան յայտարարեց. «Անցեալ 35 տարիներուն ընթացքին երբեք ազատ եւ անկախ Արցախի հեռանկարը այսքան մռայլ եւ հեռաւոր չէ եղած։ Երբեք հայու կենդանի սերունդի պատմութեան մէջ հայրենիքի մասին մտահոգութիւնը այսքան մեծ եւ լուրջ չէ եղած»։

Ան պատմեց «սպառնալիքներու, յարձակումներու, հողերու գրաւումի, անզէն ռազմագերիներու մահապատիժի, ատելութեան հրահրման եւ խթանման» մասին, որոնք բոլորը մնացած են անպատիժ։

«Յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին, մենք կը կառուցենք երկու նոր մանկապարտէզներ Արցախի մէջ, կէս տասնեակ նոր տուներ, արուեստագիտութեան (Technology) կեդրոն՝ Երեւանի Աւետիսեան դպրոցին մէջ։ Մենք ձեռնմուխ պիտի ըլլանք Հանգաւանի ճամբարի լուրջ զարգացման, հիմքը կը դնենք Թուրքիոյ Թուզլա քաղաքի յարութիւն առած «Արմէն» Ճամբարին եւ կը նուիրագործենք Տաւուշի մարզի Բերդ քաղաքի Աւետարանչականի նոր կեդրոնին եւ կարիքաւորներու ճաշարանին: Մենք կառուցելու, կրթելու եւ Խօսքը տարածելու մէջ յաջող ենք։ Անոնք են մեր զէնքերը։ Մենք կ՛օգտագործենք զանոնք», Ըսաւ Խանճեան:

 

(Յապաւուած. անգլերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանեց Լուիզա Ճանպազեան)

Նիւթը պատրաստեց՝  Ֆլորենս Աւագեանը