image

Աղէտէն 28 տարի ետք Գիւմրին կը մնայ իր ցաւին մէջ

Աղէտէն 28 տարի ետք Գիւմրին կը մնայ իր ցաւին մէջ

28 տարի առաջ  այս oրը՝ 7 Դեկտեմբերին Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժը ցնցեց ողջ Հայաստանը:  Ուժգին ցնցումները կէս վայրկեանի մէջ աւերեցին  երկրի գրեթէ ողջ հիւսիսային մասը` ընդգրկելով մօտ 1 միլիոն բնակչութիւն ունեցող տարածք: Երկրաշարժի կեդրոն Սպիտակի մէջ ցնցումներուն ուժգնութիւնը կազմած է 10 բալ (12-բալանոց սանդղակով): Ծանր ցնցումները զգացուած էին Երեւանի եւ Թիֆլիսի մէջ: Մասնագէտներու հաշուարկներով` երկրաշարժի պահուն երկրակեղեւի պատռուածքի գօտիէն ազատուած է Հիրոշիմայի վրայ նետած աթոմային ռումբի նման 10 աթոմային ռումբի պայթիւնին հաւասարազօր ուժգնութիւն: Երկրաշարժին առաջացուցած ալիքը տարածուեցաւ  Հայաստանով մէկ եւ զգալի դարձաւ  Եւրոպայի, Ասիոյ, Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ երկրաբանական  կեդրոններուն մէջ: Պաշտօնական տեղեկութիւններով` զոհուեցաւ  էր աւելի քան 25 հազար մարդ, 19 հազարը դարձաւ   հաշմանդամ, անօթեւան մնացին  530 հազար բնակիչ: Երկրաշարժին հետեւանքով հիմնովին աւերուեցաւ  Սպիտակ քաղաքը: Սպիտակի եւ մօտակայ գիւղերու հետ մէկտեղ  բնութեան տարերքը աւերած էր 21 քաղաք ու աւան, 324 գիւղ, ոչնչացուցած է Հայաստանի երկրորդ քաղաք Գիւմրիի բնակելի, հասարակական եւ արդիւնաբերական հատուածի 80 տոկոսը: Մեծ աւերածութիւններ եղած էին նաեւ  Վանաձորի մէջ: Երկրաշարժը շարքէ հանած էր երկրի արդիւնաբերական ներուժի մօտ 40 տոկոսը: Աղէտէն ետք Հայաստանին օգնութեան եկած էին Խորհրդային Միութիւնն ու ողջ աշխարհը: Մտատանջողը այն է, որ ծանր աղէտէն 28  տարի անց Գիւմրին  ցայսօր  ունի բազում հիմնահարցեր եւ անոր մեծ թիւով գրեթէ անապահով  բնակիչները կ'ապրին երկաթեայ վակոն- տնակներու  մէջ: