image
Հրատապ լուրեր:

67 Նորագիրներ միացած են ՀՅԴ շարքերուն

   67 Նորագիրներ միացած են ՀՅԴ շարքերուն

   67 Նորագիրներ միացած են ՀՅԴ շարքերուն 

 

Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ծանրագոյն պայմաններուն ՀՅԴաշնակցութիւնը կը շարունակէ աշխուժօրէն ծաւալել իր գործունէութիւնը։

 Մարտահրաւէրները այո փոփուած են, դժուարութիւնները դարձած են առանցքային, բայց եւ այնպէս հայագաղութը կանգուն պահելու եւ բազում բարդութիւններու մէջ յայտնուած լիբանանահայուն օգնութեան ձեռք երկարելու վճառակամութիւնը կը շարունակուի։

 Այս ծիրին մէջ, ուշագրաւ է նաեւ ՀՅԴ-ին ու անոր գաղափարական սկզբունքներուն հաւատացող նորահաս սերունդներուն ցուցաբերած աչալրջութիւնը, որ երէկ աւելիով մարմին ստացաւ, երբ 67 նորագիրներ միացան կուսակցութեան շարքերուն։

Ի դէպ այս մասին կարճ լրատւութիւն մը կատարած է Պէյրութի «Ազդակ»ը, ուրկէ կը կարդանք՝

Երէկ երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութենէն ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն եւ տարբեր կոմիտէութիւններէ կուսակցութեան շարքերը մուտքի դիմում կատարողներու 67 թեկնածուներ տուին դաշնակցականի իրենց երդումը եւ միացան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն:

Օրուան կնքահայրը Տիգրան Ճինպաշեան բացատրեց Դաշնակցութեան կանոնագիրին, ծրագիրին, բարոյական սկզբունքներուն, գործելակերպին եւ աւանդութիւններուն կապուած խորհուրդները` շեշտելով, որ դաշնակցական դառնալով հայ անհատը յանձնառու կը դառնայ ծառայելու հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին:

Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին փետրուարեան ապստամբութեան, կնքահայրը հաստատեց, որ ապստամբութիւնը յաջորդեց պարտութեան եւ պետականութեան յանձնումին, ապա խորհուրդը այժմէականացնելով նորագիրներու սերունդը անուանեց «Արցախի ազատագրութեան սերունդ»: