NVIDIA-ի Փոխնախագահ Ռեւ Լիպարիտեան վերջերս որոշած է մաս կազմել ԹՈՒՄՕի Տնօրէններու խորհուրդին, խորացնելով անոր հետ իր գործակցութիւնը։
Ան պիտի աջակցի ԹՈՒՄՕի գործունէութիւնը ընդարձակելու ջանքերուն` վերահսկելով կրթական բովանդակութեան եւ ծրագրումներուն մէջ արուեստական բանականութեան՝ AI-ի գործածութեան գործընթացը:
Ռեւ Լիպարիտեան իր մասնագիտական ուղին սկսած է Warner Brothers Digital-ի եւ Disney’s Dream Quest Images-ի մէջ, որմէ ետք միացած է NVIDIA-ին, ուր այժմ GameWorks եւ Lightspeed բաժանմունքներուն փոխտնօրէնն է։