image

3 Հրթիռներ Սուրիայէն դէպի Իսրայէլ

 3 Հրթիռներ Սուրիայէն դէպի Իսրայէլ

Հրթիռներ արձակուած են Սուրիայէն դէպի Իսրայէլ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց  «Ալ Նահար» պարբերականի կայքէն։

Իսրայէլեան աղբիւրներ, որ հաստատած են լուրը, նշած են, որ հրթիռներէն մին ինկած է Կոլանի բաց տարածութեան մը մէջ, մին՝ յորդանանաեան հողերու, իսկ երրրորդն ալ սուրիական հողերու մէջ։

 Վերլուծական հարթակներ, որ արագօրէն տարածած են տեղեկութիւնը զարմանք յայտնած են եղածին վերաբերեալ ու նաեւ մտավախութիւն արտայայտած, որ Մերձ. Արեւելքի մէջ առկայ մեծ լարուածութիւնը կրնայ հնարաւոր պայթումի մը վերածուիլ։