image
Հրատապ լուրեր:

2024 թուականի Աշխարհի տարուան բառը՝ «Պրէյն ռօթ»

2024 թուականի Աշխարհի տարուան բառը՝ «Պրէյն ռօթ»

Օքսֆորտի անգլերէն բառարանը 2024 թուականի տարուայ բառ հռչակած է «Պրէյն ռօթ» (ուղեղի փտում, քայքայում) արտայայտութիւնը։

Այդպէս կը կոչուի տեղեկատուութեան, յատկապէս առցանց բովանդակութեան չափէն աւելի սպառումը, որ իմաստալից արժէք չունի եւ ժխտական անդրադարձ կ'ունենայ մարդու ճանաչողական կարողութիւններու վրայ։ Անցեալ տարուայ ընթացքին այս արտայայտութիւնը գործածելու յաճախականութիւնը աւելցած է 230 առ հարիւր համեմատութեամբ։

«Պրէյն ռօթ»ի մասին առաջին յիշատակումը յայտնաբերուած է ամերիկացի բանաստեղծ Հէնրի Տէյվիտ Թորոյի «Ուոլտըն, կամ կեանք անտառէն ներս» գրքի մէջ, որ հրատարակուած է 1854 թուականին։

Թուային դարաշրջանի մէջ «ուղեղի քայքայում» արտայայտութիւնը ժողովրդականութիւն ձեռք բերաւ ընկերային ցանց երու, յատկապէս «Կէն Զէ» եւ «Կէն Ալֆա»ի շրջանակներէն ներս։

Տարուայ բառը ընտրեցին Օքսֆորտ համալսարանի փորձագէտները՝ առցանց քուէարկութեան լոյսի տակ։ 2023 թուականին Օքսֆորտ համալսարանը «տարուայ բառ» ընտրած էր «ռիզզ» գոյականը, որ կը նշանակէ «ոճ, հմայք կամ գրաւչութիւն»։ Ատիկա ըստ էութեան, «քարիզմա» բառի կրճատուած ձեւն է։