image
Հրատապ լուրեր:

2024–ի ձմեռային զօրակոչին արդէն կանայք եւս պիտի մասնակցին

2024–ի ձմեռային զօրակոչին արդէն կանայք եւս պիտի մասնակցին

Կամաւոր հիմունքներով պարտադիր զինծառայութեան համար դիմած կանայք կրնան ներգրաւուիլ արդէն 2024 թուականի ձմեռնային զօրակոչի ժամանակ։ Այսօր կառավարութեան նիստին հարցի քննարկման ժամանակ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յանձնարարեց տրամադրուիլ եւ պատրաստ ըլլալ ձմեռնային զօրակոչին։

«Մենք ֆիզիկապէս պատրաստ կը լինենք որպէս ձմեռային զօրակոչ իրենց ընդունելու, բայց, հաշուի առնելով այն աշխատանքը, որ մենք նախապատրաստում ենք նաեւ դպրոցներում (աւարտական դասարաններում մասնագիտական կողմնորոշման շրջնականերում,– խմբ.), հիմնական ակնկալիքը լինելու է ամառային զօրակոչին։ Բայց մենք պատրաստ ենք ընդունել 18-27 տարեկան իգական սեռի մեր քաղաքացիներին ձմեռային զօրակոչին»,–ըսած է պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը։

Ի պատասխան` Նիկոլ Փաշինեանը առաջակեց ամրան մասին մոռնալ եւ հիմա կեդրոնանալ ձմրան ուղղութեամբ։ Շեշտեց` բոլոր միջոցները պէտք է ներդրուին ձմեռնային զօրակոչին նախասահմանուած թուով զօրակոչիկներ ունենալու խնդիրը լուծելու համար։

Կառավարութեան ղեկավարը յանձնարարեց ամենայն լրջութեամբ մօտենալ խնդրին եւ յիշել` բանակին մէջ չկայ կին կամ տղամարդ, բանակին մէջ կայ զինուոր։

«Մենք հասկանում ենք, որ սա բոլորովին նոր ինստիտուտ է ՀՀ–ի համար, եւ մենք ամէն ինչ անում ենք, որ բոլոր առումներով փորձենք այս ծառայութիւնը զրոյից ստեղծել մեր ցանկացած հնարաւոր ամենապատշաճ մակարդակով»,–ըսած է Փաշինեան։

Ան աւելցուցած է, որ շատ կարեւոր է տարածել այս տեղեկատւութիւնը։ Յիշեցուց, որ պարեկային ծառայութեան մէջ կանանց ներգրաւելու հարցով եւս խնդիրներ կային, ատոր համար որոշում կայացուցին, որ յառաջիկայ թափուր հաստիքները պիտի լրացնեն հիմնական կիներով։