image

2023-ը թմրամիջոցներու դէմ պայքարի տարի. Հայաստանի ՆԳՆ փոխնախարար

2023-ը թմրամիջոցներու դէմ պայքարի տարի. Հայաստանի ՆԳՆ փոխնախարար

ՀՀ ոստիկանութեան համար յատկապէս 2023 թուականը թմրամիջոցներու շրջանառութեան դէմ պայքարի տարի է:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Արփինէ Սարգսեանը ԱԺ ամպիոնէն՝ անդրադառնալով ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Բաթոյեանի հարցին՝ Երեւանի ակումբներէն մէկուն մէջ իրականացուած յատուկ գործողութեան մասին, որու առնչութեամբ ոմանք պատմած են իրենց նկատմամբ ենթադրեալ բռնութիւններու մասին:  

«2023 թուականը յատկապէս ՀՀ ոստիկանութեան համար թմրամիջոցների դէմ շրջանառութեան պայքարի տարի է: Այս ուղղութեամբ ինտենսիւ աշխատանքներ են իրականացւում մեր ծառայութեան բոլոր ստորաբաժանումների կողմից: Ակումբները եւս բացառութիւն չեն, որովհետեւ փորձը ցոյց է տալիս, որ յատկապէս այդպիսի հաստատութիւններում շատ աւելի բարձր է թմրամիջոցների շրջանառութեան ռիսկը։ Արդէն իսկ որոշակի դրուագներ ունենք տարբեր ակումբների շրջանակներում»,- ըսած է Սարգսեանը:

Ինչ կը վերաբերի խօսակցութիւններուն, թէ ոստիկանութեան կողմէ բռնութիւն կիրառուած է՝ փոխնախարարը վստահեցուցած է, որ եթէ ըլլայ անհամաչափ ուժի այնպիսի կիրառում, որ կ'ենթադրէ պատասխանատւութիւն, ապա այդ անպայմանօրէն վրայ կը հասնի։

Ան վստահեցուցած է՝ եթէ ըլլան ծառայողական քննութեան հիմքեր, անպայման կ'իրականացուի: