Մարտ 30-ին`ժամը 20-ին, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցիէն պիտի մեկնարկի «Յարութեան Աւետիս» խորագրով կանթեղներով երթը: Այն արդէն 10-րդն է:
Երթը նախաձեռնած են եւ կ՚իրականացնեն Արարատեան Հայրապետական թեմի երիտասարդաց միութիւններու անդամները՝ թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի օրհնութեամբ։
Ինչպէս յայտնած են qahana.am-էն, երթի մասնակիցները Ճրագալոյցի Ս. Պատարագէն ետք պիտի ստանան Նաւասարդ Սրբազանի օրհնութիւնն ու Ս. Յարութեան Աւետիսը մարդոց փոխանցելով՝ Մ. Մաշտոցի պողոտայով եւ Ամիրեան փողոցով պիտի քալեն դէպի Հանրապետութեան հրապարակ:
Թեմի երիտասարդական միութիւններու հոգեւոր համակարգող Տ. Պետրոս աւագ քահանայ Մալեանի գլխաւորութեամբ մասնակիցները քարէ-գորգի վրայ խաչ պիտի կազմեն՝ ի նշան Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան:
«Յարութեան Աւետիս» քայլերթին կրնան միանալ բոլոր ցանկացողները: