Ֆրանսա- («Ալ-Տիար»-Պէյրութ)- Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզին 10 մայիսին յայտարարած է, որ Միջերկրականի հարաւային շրջանը, բոլոր մակարդակներու վրայ անկայունութեան մէջ է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Սարքոզի, իր կուսակցութեան՝ տարածաշրջանի պաշտպանութեան համաժողովին ելոյթի ժամանակ ըսած է, որ «երբ կը սերտենք իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, կը նկատենք Սուրիոյ ոչնչացումը, որ որպէս պետութիւն գրեթէ ջնջուած է աշխարհի քարտէզէն», աւելցնելով, որ «այս փաստը իրականութիւն է»:
Անդրադառնալով Լիպիոյ իրավիճակին, ան նշած է, որ Լիպիան նոյնպէս անկայուն վիճակ մը կը պարզէ, ապա խօսքը մասնաւորելով Թունէսին, ըսած է «Մեր մօտ՝ մեզմէ միայն 780 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թունէսը ծանր պայմաններէ կ'անցնի, եւ ան պէտք ունի Ֆրանսայի յատուկ աջակցութեան», աւելցնելով, որ «Թունէսի անվտանգութիւնը Ֆրանսիայի անվտանգութիւնն է»: