Սէուտական Արաբիա-(«Ալ Հայաթ»- Լոնտոն) Րիատ եւ Անգարա Սուրիոյ տագնապին առընթեր նոյն մօտեցումները ունին: Այս մասին գրած է «Ալ Հայաթ» պարբերականը, որ նաեւ կը յիշեցնէ, թէ երէկ Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպպ Թայէպ Էրտողանի Րիատ տուած այցը երրորդն էր այս տարի: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ Սըլման Ապտըլ Ազիզ Թագաւորն ու Էրտողան իրենց երէկ ունեցած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին շեշտած են Սուրիոյ միասնականութեան եւ երկիրը հարուածող ծանր տագնապը քաղաքական հիմունքներով լուծելու առաջնահերթութիւնը: Կողմերը նաեւ ունին նոյն մօտեցում կապուած Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնէն հեռանալու մասին: Նշենք, որ երկու ղեկավարներու դռնբակ հանդիպումներուն մասին յաւելեալ տուեալներ չեն տրուիր, բացի անկէ, որ բանակցութիւններու աւարտին յայտարարուած է Թուրք- Սէուտական նոր ռազմավարական դաշինքի մը ստեղծման մասին, որուն հիմնական նպատակն է պայքարիլ շրջանը հարիիւածող ահաբեկչութեան դէմ: