Շանլըուրֆայի «Տէլիլէր խան» շինութիւնը, որ 1915-ին հայոց բռնի տեղահանութեանէն ետք ծառայած էր որպէս հայկական որբանոց, տեղական իշխանութիւններուն կողմէ պիտի վերածուի առեւտուրի կեդրոնի: Նշենք, որ «Տէլիլէր խան»ը ցեղասպանութեան ընթացքին նախ ծառայած էր որպէս տարագրեալ հայկական կարաւաններու կեդրնոցաման հաւաքավայր, ապա՝ որպէս որբանոց: Կը նշուի նաեւ, որ Ուրֆայի այս որբանոցին մէջ բազմաթիւ հայ երեխաներ ապաստանած են, որոնց համար բռնագաղթի ճամբու վերջին «կանգառ»ը դարձած էր Ուրֆան: Կը նշուի նաեւ, որ կիւլէնական շարժման հիմնադիր Ֆէթհիւլլա Կիւլէն համաձայնութիւն ստացած էր որբանոցի տարածքին 5 աստղանի հիւրանոց մը կառուցելու նախագիծի իրականացման, որ աւարտին պիտի հասնէր 2014-ին, սակայն անոր եւ իշխանութեան միջեւ ծագած հակամարտութիւններու հետեւանքով, ծրագիրը չեղեալ համարուած էր: Նշենք, որ մինչեւ 1950-ական թուականները Ուրֆայի բնակչութեան շուրջ յիսուն տոկոսը քրիստոնեայ եղած է, սակայն աւելի ուշ գործադրուած քաղաքականութեան հետեւանքով քրիստոնեաները հեռացած են այդ շրջանէն: