image

Ո՞ւր կը գտնուի Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատիի թաքստոցը

Ո՞ւր կը գտնուի Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատիի թաքստոցը

Իրաքի եւ Սուրիոյ կառավարական բանակներու վերջին օրերու իրերայաջորդ յաղթանակներն առաւել մեծ հետաքրքրութիւն կ'առաջացնեն միջազգային հանրութեան մօտ, թէ արդեօք ո՞ւր կը գտնուի Ապու Պաքր Ալ-Պաղտատիի թաքստոցը, կը գրէ «Katehon.com» լրատուական կայքը:

Կայքը կը նշէ, որ ամերիկեան «Լոս Անճելըս» թերթը Ալ Պաղտատիի թաքստոցին մասին հարցադրում կատարելով գրած է. «Հակառակ անոր, որ Դեկտեմբերի սկիզբը երեւան եկած ձայնագրութիւնը Ալ Պաղտատիին վերագրուեցաւ, սակայն անոր գտնուելու վայրը կը շարունակէ անլուծելի առեղծուած մնալ, մանաւանդ, որ իր գլխաւորած խմբաւորումը զանազան վայրերու մէջ կ'ենթարկուի ԱՄՆ-ի գլխաւորած Միջազգային Դաշնութեան ուժերու հարուածներուն»:

Թերթը աւելցնելով կը գրէ. «Ներկայիս մասնագէտները կը փորձեն պարզել, թէ ո'ւր կը գտնուի Ալ պաղտատի, ո՞ւր է խմբաւորման գլխաւոր հրամանատարութեան կեդրոնը, Ինչպէ՞ս պիտի կարողանան անոնք վերակազմաւորուիլ, արդեօք գլխաւոր հրամանատարութեան կեդրոնը տակաւին Մուսուլի մէ՞ջ է, արդեօք այս խմբաւորումը պիտի կարողանա՞յ պահպանել իր գոյութիւնը պատերազմի ընթացքին»:

Նշենք, որ վերջին տարիներուն քանի մը անգամ տարաձայնութիւններ տարածուեցան, թէ իբր Ալ Պաղտատի սպանուած է, մանաւանդ, երբ Միջազգային դաշնութեան ուժերը յայտարարեցին, որ իրենց թիրախը հանդիսացող կարաւաններէն մէկուն մէջ էր ան:

Այս առումով, Իրաքեան բանակի Յատուկ Ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ֆատել Պրուարի վերջերս յայտարարած է, որ երկրի ռազմական ղեկավարութիւնը տեղեակ է, թէ ուր կը գտնուի Ալ Պաղտատի եւ կը հետեւի անոր տեղաշարժին:

Ան յայտնած է նաեւ, որ Ապու Պաքր Ալ Պաղտատի 10 տարիէ ի վեր կալանաւորուած էր եւ կը գտնուէր իրաքեան բանտերուն մէջ, որմէ ետք ազատ արձակուելով հաստատուեցաւ ստորգետնեայ թաքստոցի մէջ՝ Մուսուլի արեւմուտքը գտնուող Ալ Պիաճ աւանին մէջ:

Ֆատել Պրուարի ըսած է, որ Ալ Պաղտատի մշտական տեղաշարժի մէջ է, եւ վիրահատութիւններու միջոցով մշտապէս արտաքին տեսքի փոփոխութիւններու կ'ենթարկուի՝ որպէսզի անճանաչելի դառնայ:

Անդրադառնալով Իրաքեան բանակի յառաջխաղացին, Պրուարի հաւաստիացուցած է, որ բանակը յաջողութեամբ անցած է Մուսուլի ազատագրման ամենադժուար հանգրուանը, սպանած է «Տահէշ»ի 2330 անդամ՝ տիրանալով անոնց թանկերուն եւ զինամթերքին: