Բողոքի հաւաք կատարող հարիրաւոր ցուցարարներ կը փորձեն ներխուժել Պէյրութի «Ալ Ժատիտ» կայանի շէնքը: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն նաեւ, որ հակառակ մեծ թիւով բանակային ուժերու շրջանին մէջ ներկայութեան ցուցարարներ այս պահուն կը փորձեն բռնի ուժի դիմելով կայան մուտք գործել:
Անոնք քարեր եւ ապակեայ շիշեր կը շպրտեն շէնքին վրայ բան մը, որ պատճառ դարձած է շէնքի ապակիներուն փշրման:
Նշենք, որ բողոքի հաւաքին մասնակցողներուն մեծագոյն տոկոսը անդամ են Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրիի ղեկվարած «Ամալ» շարժումին եւ անոնք կը բողոքեն նոյն կայանէն սփռուած քաղաքական երգիծանքի յայտագրի մը դէմ, որ ըստ ցուցարարներուն ծաղրի ենթարկած էր նոյն կուսակցութեան հիմնադիր համարուող եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին տարիներուն առեւանգուած ու ապա անյետ կորած Սէյիտ Մուսա Ալ Սատըրը:
Յիշեցնենք, որ Իմամ Մուսա Ալ Սատըր կը համարուի Լիբանանի զինեալ դիմադրութեան «հոգեւոր հայր»երէն մին: