«Հիմնադիր խորհրդարան»-ի անդամ, «Հայկական վերածնունդ» կազմակերպութեան Փարիզի մասնաճիւղի համակարգող Շանթ Ոսկերիչեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելքը վերցուած է:Ապրիլ 27-ին, Վարչական դատարանին մէջ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) ներկայացուցիչ Թաթուլ Ղուկասեան յայտարարած է, որ Ապրիլ 25-ին Ոսկերիչեանի անունը հանուած է Հայաստան մուտք գործելու իրաւունք չունեցող անձերու ցանկէն, նշելով որ արգելքը ջնջուած է անոր տուն տուած հիմքերու վերացման պատճառով:
Նշենք, թէ այս որոշումը Շանթ Ոսկերիչեանի բացած դատին շրջանակին մէջ չէ, որ կայացուած է եւ թէ դատավարութիւնը կը շարունակուի:
Նիւթի աղբիւր ՝ «Նոր Յառաջ»: