Թուրքիա- («Թուտէյզ Զաման»- Պոլիս) Տիարպէքիրի մէջ այսօր տեղի ունեցած է Թահիր Էլչիի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը: Նշենք, որ Էլչի երէկ զոհ գացած էր անծանօթ զինեալներու կրակոցներուն: Էլչի, որպէս Տիարպէքիրի Փաստաբաններու պալատի նախագահ հանդիպում մը կունենար քաղաքի փաստաբաններուն հետ: Նշենք, որ «Թուտէյզ Զաման» կը գրէ, թէ հարիւրաւոր քաղաքացիներ մասնակցած են Էլչիի յուղարկաւորութեան: