Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- ՄԱԿ-ը պարզած է, որ թրքական զօրքերու կողմէ աւելի քան հարիւր մարդ մինչեւ մահ հրկիզման ենթարկուած է երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ ՄԱԿ-ը պահանջած է հետաքննութիւն բանալ այդ ուղղութեամբ եւ արտօնել լրագրողներու մուտքը՝ շրջափակուած տարածքներ, սակայն Անգարան չէ ընդառաջած: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ 2015-ի սեպտեմբերէն ի վեր սկսած ռազմական գործողութիւնները չեն դադրած եւ անոնք կը շարունակուին, անցնելով դաշտային պատերազմի սահմանները, եւ բացայայտելով թրքական բանակի կողմէ, քաղաքացիներու նկատմամբ՝ խախտումներու եւ ապօրինութիւններու փաստեր:
ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու բարձրագոյն յանձնակատար Զայտ Ռահըտ Ալ-Հուսայն ըսած է, որ «գործողութիւններու դիրքերէն հասնող տեղեկութիւնները մտահոգիչ են, 3 ապաստարաններու մէջ գտնուող աւելի քան 100 մարդ շրջափակուելէ ետք թրքական բանակի կողմէ, հրկիզուելով մահացած են», աւելցնելով, որ « լուրերը կը հաստատեն, թէ թրքական ուժերու դիպուկահարներ միտումնաւոր կերպով կը գնդակոծեն անզէն խաղաղ բնակիչներու՝ կիներու եւ երեխաներու ուղղութեամբ, կը քանդուին կալուածները, ենթակառուցուածքային համակարգերն ու պատմական վայրերը»:
Ալ-Հուսէյնը նաեւ շեշտած է, որ Անգարան պէտք է յարգէ մարդու իրաւունքներն ու միջազգային օրէնքը: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները հետաքննութիւն չեն սկսիր այս ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ մերժած են իր քրտական վայրեր այցելելու դիմումը եւ արգիլած են լրագրողներու մուտքը այնտեղ: