Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ նախագիծը խորհրդարան պիտի ներկայացնէ ամէնէն ուշը այս Ուրբաթ, կը գրէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:
Պարբերականի կանխատեսմամբ՝ նախագիծը առանց որեւէ դժուարութեան պիտի յաղթահարէ խորհրդարանական քուէարկութեան փուլը՝ ստանալով 351 ձայն:
«Արդարութիւն եւ Զարգացում» եւ «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութիւններու՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութենէն ետք պարզ դարձած է, որ բացի իշխող կուսակցութեան 316 պատգամաւորներէն, որոնք ամբողջական կազմով կողմ պիտի քուէարկեն նախագիծին, ազգայնականներու կողմէ նախագիծը պիտի ստանայ եւս 35 ձայն: «Ազգայնական Շարժում» կուսակցութեան եւս 4 պատգամաւոր նախապէս յայտարարած է, որ դէմ պիտի քուէարկէ նախագիծին:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան նախապէս յայտարարած էր, որ խորհրդարանի կողմէ ընդունուելու պարագային ինք պիտի ստորագրէ այն:
Նշենք, որ Էրտողան կոչ կ'ուղղէ նախագահական կառավարման համակարգի անցնիլ եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէ իրականացնել: