10 յունուարը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի որպէս աշխատող լրագրողներու օր: Այս առթիւ «Deutsche Welle»-ի թրքական ծառայութիւնը անդրադարձած է երկրի մէջ իրենց մասնագիտութեամբ աշխատելու հնարաւորութենէն զրկուած լրագրողներու խնդրին:
Թուրքիոյ «Լրագրողներու միութեան» հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ անցեալ տարի անվաւեր ճանչցուած է 780 լրագրողական քարտ, 839 լրագրողի դէմ դատական գործ յարուցուած է՝ անոնց կողմէ հրապարակուած այս կամ այն լուրի պատճառով, իսկ մամուլի 189 ներկայացուցիչ ֆիզիքական կամ հոգեբանական բռնութեան ենթարկուած է:
«Ազատազրկուած լրագրողներու աջակցութեան հարթակ»ի եւ «Լրագրողներու միութեան» տուեալներով՝ Թուրքիոյ մէջ կայ 140-էն աւելի կալանաւորուած լրագրող: Ընդհանուր առմամբ, իւրաքանչիւր 4 լրագրողէ մէկը զրկուած է իր աշխատանքէն:
Աղբիւրը անդրադարձած է երեք թուրք լրագրողներու, որոնք մամուլի եւ լրագրողներու նկատմամբ ճնշումներու եւ բռնութիւններու պատճառով հարկադրուած եղած են դադարեցնել իրենց լրագրողական գործունէութիւնը:
Անոնցմէ առաջինը TRT եւ NTV լրատուամիջոցներու թղթակից Ունալ Ունլուն է, որ լրագրութեամբ սկսած է զբաղուիլ 1989-ին: Անոր նկատմամբ բուռն քաղաքական ճնշումները սկսած են յատկապէս 2009-ին: Երկրորդը՝ Վոլքան Քոչն է, որ առաջինը գրեց 15 յուլիս 2016-ի յեղաշրջման փորձի մասին: Քոչը յեղաշրջման փորձէն անմիջապէս ետք ձերբակալուած 40 լրագրողներէն մէկն էր: Իսկ երրորդը «Akşam» եւ «Vatan» թերթերու նախկին թղթակից Նիլայ Օրնէքը, որ աշխատանքէ զրկուած է 2013-ին Պոլսոյ Կեզի զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցած ցոյցերն ու բախումները լուսաբանելու պատճառով: