image

Թուրքիոյ մէջ դատապարտուած սպաներու դէմ վճիռները կը բեկանուին

Թուրքիոյ մէջ դատապարտուած սպաներու դէմ վճիռները կը բեկանուին

Թուրքիա- («Ալ-Նահար»-Պէյրութ)- Թուրքիոյ Գերագոյն դատարանը բեկանած է 2013-ին  յեղաշրջման փորձի մէջ մեղադրեալ տասնեակ սպաներու հասցէին եղած երկարաժամկէտ բանտարկութեան դատավճիռը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Նահար», նշելով, որ այս «Արկինիքոն» անունով ծանօթ դարձած հարցով դատապարտուած են 275 անձեր:

Կառավարութեան մօտ եղող «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան համաձայն, դատարանը վճիռի բեկանման պատճառը վերագրած է կառավարութիւնը տապալելու ձգտումով «ահաբեկչական խումբի» գոյութեան «ապացոյցներու բացակայութեան»: Նշենք, որ այդ օրերու Թուրքիոյ վարչապետն էր ներկայիս հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: