Թուրքիա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Թուրքիոյ խորհրդարանը ձայներու երկու երրորդի մեծամասնութեամբ քուէարկած է յօգուտ 138 երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան վերացման: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ 138 երեսփոխաններուն մեծ մասը քիւրտերու համակիր՝ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան անդամներ էին: Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութիւնը այս ծրագրի առաջ քաշուելուն մէջ կառավարութեան կողմէ եղած դաւադրութիւն կը նկատէ, իր երեսփոխանները հեռացնելու միտումով: Մինչ Թուրքիոյ կառավարութիւնը նշեալ կուսակցութեան կը մեղադրէ, որպէս PKK-ի քաղաքական ճակատ:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ խորհրդարանական յանձնաժողովներէն ներս նախագիծի քննարկումը պատճառ դարձած էր սուր բախումներու՝ «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան եւ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական կուսակցութեան պատգամաւորներու միջեւ: