image

Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ ընթացող «սառ պատերազմը» նոր թափ առած է

Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ ընթացող «սառ պատերազմը» նոր թափ առած է

Անհերքելի է, որ Թուրքիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յարաբերութիւնները կը սրուին ։ Ապու Տապին եւ Անգարան իրարու մարտահրաւէր կը նետեն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ՝ Լիպիայէն Քաթար եւ Սուրիայէն Եմեն, այն պարագային երբ իրենց մրցակցութեան ծիրէն ներս կը գտնուին նաեւ այնպիսի տարածաշրջաններ, ինչպիսին են Պալքանները, Կեդրոնական Ասիան եւ Ափրիկէն։

Մայիսին Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն մեղադրած էր Ապու Տապին, որ ան տարածաշրջանին մէջ քաոս կը տարածէ՝ Լիպիոյ եւ Եմենի մէջ ռազմական միջամտութեան պատճառով։

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավար արքայազն՝ Մոհամէտ Պըն Զայէտի գլխաւորութեամբ Ապու Տապին վճռականօրէն հանդէս եկաւ քաղաքական իսլամի բոլոր երանգներուն դէմ։ ԱՄԷ-ի ղեկավարութիւնը «Իսլամ եղբայրներ»-ը կը դիտարկէ որպէս ծայրայեղական եւ ահաբեկչական սպառնալիք։

Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ միջամտութիւնը կը հարուածէ ԱՄԷ-ի շահերը,մինչդեռ Անգարան նշանակալի դեր կը խաղայ Եմենի մէջ եւ կը շարունակէ օգնել Քաթարին։ ԱՄԷ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութեան պատճառներէն է նաեւ այն, որ Պոլսոյ մէջ կ'ապրին այլախոհներ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն, որոնք համաձայն չեն արքայազնի իշխանութեան։

Յեղաշրջումի անյաջող փորձը Թուրքիոյ մէջ բորբոքեց հակաէմիրթեան տրամադրութիւններ ամբողջ երկրով մէկ։ Թրքական քաղակական գործիչներն ու լրատուական միջոցները կը պնդեն, որ յեղաշրջման փորձին մէջ Ապու Տապիի մատը խառն է։

2018-ի Յունուարին, Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսը սկսաւ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան դէմ։

Հիւսիսային Իրաքը Անգարայի եւ Ապու Տապիի միջեւ հակամարտութեան նոր թէժ կէտ դարձաւ։ Յունիսին, Թուրքիան ռազմական գործողութիւններ սկսաւ հիւսիսային Իրաքի Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն դէմ, որոնց, ըստ թրքական կողմին, կ'օժանդակէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները ի վնաս Թուրքիոյ անվտանգութեան։

 Վերլուծութիւնը Miragenews-էն.

 Հեղինականեր ՝Անթոնիօ Օքչիութո եւ Ճորճիօ Քաֆէրօ։