«Թուրքիան դժուար հանգրուանէ մը կ'անցնի» այսպէս պատգամած է Մէրսինի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Քէօշքան Թէյմուր: Թէյմուր, որ Արեւմտան Սուրբ Ղննդեան տօնին առթիւ իր տուած պատգամին մէջ այս մասին խօսած է Թուրքիոյ բանակի զոհուած զինուորները համարած է նահատակ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Սապահ»ը նշելով նաեւ, որ Թէյմուր իր Սուրբ Ծննդեան քարոզը եզրափակած է ըսելով «մենք այս երկրի փոքրամասնութիւնն ենք եւ երկար ժամանակներէ ի վեր կ'ապրինք այստեղ եւ հպարտ ենք, որ այս երկրի քաղաքացիներն ենք»: Աղբիւրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ տարբեր եկեղեցիներուն մէջ տօնին առթիւ տեղի ունեցած են կրօնական արարողութիւններ: