Գերմանաբնակ թուրքերը յայտարարած են նոր կուսակցութիւն հիմնելու մասին: Նոր կուսակցութեան հիմնադիրն է պեռլինաբնակ թուրք գործարար Ռեմզի Արուն, որ բաւականին ճանաչցուած է Գերմանիոյ թուրքերու կողմէ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «arti49» լրատուական կայքը, յայտնելով, որ Գերմանիոյ քաղաքացի թուրքերուն եւ իսլամական այլ ազգութիւններուն ներկայացնող կուսակցութիւն հիմնելու գաղափարը առաջացած է, երբ 2 յունիսին Պունտեսթակի մէջ ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, որուն կողմ քուէարկած էին նաեւ ազգութեամբ թուրք պատգամաւորները: Աղբիւրը կը յայտնէ, որ այս պիտի ըլլայ գերմանացի թուրքերու 2-րդ կուսակցութիւնը: Առաջինը՝ «Նորարարութեան եւ արդարութեան միութիւն» կուսակցութիւնը (Bundnis für Innovation & Gerechtigkeit` BIG), ստեղծուած է 2010 թուականին, բայց լայն ճանաչում չէ ստացած: Կուսակցութիւնը 2013 եւ 2014 թուականներուն մասնակցած է նահանգային ընտրութիւններուն, իսկ 2014-ին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որու ժամանակ ստացած ձայները չեն անցած 1 տոկոսը: Հակառակ որ թրքական կուսակցութիւնը չէր յաջողած մտնել Պունտեսթակ, այնուամենայնիւ, գրաւած էր գերմանական մամուլի ուշադրութիւնը՝ որակուելով, որպէս Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան մասնաճիւղ: