image

Թրքական բանակը թունաւոր նիւթերով կը հարուածէ Նուսայպինի քիւրտերը

Թրքական բանակը թունաւոր նիւթերով կը հարուածէ Նուսայպինի քիւրտերը

Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Թրքական բանակի հրետանին, կիրակի երեկոյեան հարուածած է Թուրքիոյ հարաւը գտնուող մեծամասնութեամբ քիւրտ բնակիչներ ունեցող Նուսայպին շրջանը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ կ'ենթադրուի, թէ թրքական բանակի կողմէ Նուսայպինի քիւրտերուն վրայ արձակուած հրթիռներն ու նռնակները պարունակած են միջազգայնօրէն արգիլուած ֆոսֆոր նիւթը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  ռմբակոծութեան թիրախ դարձած էր մասնաւորաբար Նուսայպինի Քանէքա թաղամասը, ուրկէ  բարձրանալ սկսած սպիտակ ծուխը շուտով վերածուած էր մութ սեւ գոյնի թանձր ծուխի մը, եւ որու հետեւանքով քաղաքացիներու շարքերուն մէջ արձանագրուած էր շնչահեղձութեան ծանր դէպքեր: