image

Թրքական արմատներ ունեցող տասնեակ նախարարներ հրաժարեցան Շուէտի կառավարութիւնէն

Թրքական արմատներ ունեցող տասնեակ նախարարներ հրաժարեցան Շուէտի կառավարութիւնէն

Շուէտ- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Անցած շաբաթ Շուէտի մէջ  թրքական ծագում ունեցող շուէտացի նախարարներ զանգուածային հրաժարականներ ներկայացուցած են, ինչպէս յայտնած են անոնք՝ «իսլամ եւ թուրք քաղաքական գործիչներու վրայ բանեցուած ճնշումներու պատճառով»: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ այդ հրաժարականներու շարքին վերջինը եղած էր երէկ, Շուէտական կանաչներու կուսակցութեան նախարար՝ Սէմանոր Թաշքինի կողմէ: Թաշքինի հրաժարականը՝ անցած շաբաթ բնակեցման եւ շինարարական ծրագրաւորման նախարար՝ Մուհամէտ Քապլանիի հրաժարականէն ետք, մէկ շաբթուան ընթացքին ներկայացուած հրաժարականներուն չորրորդը եղած էր:

Աղբիւրը համաձայն, Թաշքին շուէտական լրատուամիջոցներուն համառօտ յայտարարութիւն մը ընելով, նշած է, որ ինք «որպէս իսլամ շուէտացի, այլեւս ինքզինք ապահով չզգար»: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Քապլանի հրաժարումէն ետք, Շուէտի մէջ իսլամական երիտասարդաց միութեան նախագահ Եասրա Շամս Ալ-Տինը նոյնպէս հրաժարական ներկայացուցած է «Կանաչներու» կուսակցութենէն, յայտարարելով, որ « իր կրօնական համոզմունքները յարձակման կ'ենթարկուին»: