image

Թրքահայ երգիչ Ալեքսը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր «Երթանք այս տեղերէն» երգով

Թրքահայ երգիչ Ալեքսը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր «Երթանք այս տեղերէն» երգով

Սիրուած փոփ երգիչ Ալեքս Թաթարեան, որ ծանoթ է Ալեքս անունով, վերջերս սկսած է մասնաւոր ուշադրութեան արժանանալ երաժշտական հաղորդումներու կողմէ, իր կատարած նոր՝ «Երթանք այս տեղերէն» («Կիտէլիմ պուրալարտան») երգի առիթով: Երգը ծանօթ երգ մըն է, որ Ալեքս նոր ձեւաորումի ենթարկած է զայն: Այժմ թրքական հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի երաժշտական կայաններէն ներս յաճախակի կերպով կը հաղորդուի հայ երգիչ Ալեքսի այս երգը: Ալեքսի նոր երգին համար պատրաստուած ժապաւէնը (քլիփ) նոյնպէս ընդունելութիւն գտած է եւ մեծ ուշադրութեան արժանացած է: