Ազէրպայճանցի կառավարամէտ բարձրաստիճան պատասխանատու մը, միաժամանակ հերքելով իր երկրին Իսրայէլի հետ գործակցութեան պատճառով կատարուած քննադատութիւնները, յայտարարած է, թէ Իրան բազմաթիւ անգամներ մերժած է Ազէրպայճանին վաճառել հեռահար հրթիռներ: «Իսրայէլ կարեւոր դեր կը խաղայ Ազէրպայճանի պաշտպանական սպառազինման մէջ՝ արդիական զէնքերու մատակարարման տեսանկիւնէն, մինչ Իրան միշտ ժխտական պատասխան տուած է հեռահար հրթիռներ վաճառելու անոր դիմումներուն»,- ըսած է Էլման Նասիրով, ազէրպայճանական APA գործակալութեան:
«Ազէրպայճանի եւ Իսրայէլի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութիւնները կրնան օրինակ ծառայել մահմետական այլ երկիրներու։ Անոնք երկկողմանի են եւ չեն վնասեր այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն»,- նշած է Նասիրով, որ Ազէրպայճանի մէջ կը վարէ խորհրդածութեան խումբ մը: Ան ստոյգ կերպով չէ ըսած, թէ ի՛նչպիսի հեռահար զէնքեր կ՚ուզէ իր երկիրը: Այդուամենայնիւ, կարելի է ենթադրել, թէ խնդրոյ առարկայ այդ հրթիռները Հայաստանի ձեռք ձգած Իսքանտար հեռահար հրթիռներու համազօր զէնքեր են: