Webtv.am Մշակութային համացանցային պատկերասփիւռի հիմնադիր Արայիկ Մանուկեան առաջին անգամ ըլլալով հանրային դրամահաւաքովՀայաստանի մէջ կը նախաձեռնէ «The Armenians» / «Հայեր» հանրային-բանավիճային-տեղեկատուական համահայկական տեղեկատուական ցանցի մի ստեղծման: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Առաւօտ»ը: Մանուկեան նշեալ թերթին հետ իր ունեցած զրոյցի ատեն յայտնած է, թէ շատ յայտնի եւ աշխարհահռչակ մարդիկ միացած են նախագիծին, որոնք պիտի աջակցին եւ մասնակցին հանրային դրամահաւաքին:Մանուկեան նշած է, որ իրենց նպատակն է ստեղծել ժամանակակից ծրագրաւորմամբ նոր, համացանցային համակարգ մը՝ իր բազմաշերտ հարթակներով պիտի դառնայ հանրային- համահայկական տարածք: «The Armenians» / «Հայեր» համահայկական ներս պիտի աշխատին մասնագիտացած լրագրողներ, որոնց ստեղծած որակեալ արտադրանքին եւ բովանդակութեան հասարակութիւնը պիտի կարենայ մասնակից դառնալ: