image

Թալինը համերգ պիտի տայ Երեւանի մէջ

Թալինը համերգ պիտի տայ Երեւանի մէջ

Ինչպէս նախորդող երկու տարիներուն,  այս տարի եւս «Թալինը եւ ընկերները» երրորդ անգամ ըլլալով ելոյթ պիտի ունենան Երեւանի մէջ: Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան նուիրուած «Եկէք երգենք եւ պարենք Թալինի եւ ընկերներուն հետ » խորագիրը կրող համերգը կը ներկայացուի «Unity production» ընկերութեան կողմէ: Համերգը տեղի պիտի ունենայ 2 եւ 3 յունիսին, ժամը 19:00-ին, Երեւանի «Յ. Պարոնեան»ի անուան երաժշտական քոմէտիայի պետական թատրոնէն ներս: