ԱՄՆ -(«Ալ Քուտս»- Լոնտոն) «Նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու Տոնալտ Թրամբ կը շահագործէ ամերիկեան ընկերութեան խորքերուն մէջ եղող ցեղապաշտութիւնը». այսպէս յայտարարած է ԱՄՆ նախկին նախագահ Ճիմի Քարթըր: 91-ամեայ նախկին նախագահը մտահոգութիւն յայտնած է, որ ԱՄՆ-ին չէ յաջողած ձերբազատուիլ ցեղապաշտական մօտեցումներէն, եւ այդ մասին կը վկայեն երկրին մէջ ապրող սեւամորթ ամերիկացիներուն դէմ եղած բռնարարքները: Քարթըր նաեւ քննադատեց Թրամբը, անոր տեղի մէքսիքացի արմատներով քաղաքացիներուն եւ ԱՄՆ հասնիլ ուզող իսլամներուն դէմ կատարած յայտարարութիւններուն համար: