image

Տահէշ Մուսուլի մէջ իր անդամներու ամսականները չի կրնար վճարել. The Telegraph

Տահէշ Մուսուլի մէջ իր անդամներու ամսականները չի կրնար վճարել. The Telegraph

Մուսուլի մէջ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը վերջերս նիւթական ծանր կացութեան մատնուած է եւ իր անդամներու ամսականները չի կրնար վճարել, կը գրէ լոնտոնեան «The Telegraph» լրատուականը:

Աղբիւրը նշած է, որ անցեալին «Տահէշ»ի իւրաքանչիւր անդամ ամսական 350 ԱՄՆ տոլար կը ստանար, եւ տեղի բնակչութեան կարծիքով, վերջին շրջանին աշխատավարձերու վճարման դադրեցումը ապացոյց է, որ խմբաւորումը նիւթական ծանր վիճակի մէջ է:

Մուսուլի բնակիչներու հաւաստմամբ, ահաբեկչական խմբաւորումը շահի նոր աղբիւր գտած է: Անոնք Մուսուլէն դուրս գալ ցանկացող իւրաքանչիւր ընտանիքէ տարբեր չափերու կաշառք կը վերցնեն, ամենաքիչը՝ 22 տոլար: Բացի այդ, «Տահէշ» տեղի բնակիչներէն տարբեր ծառայութիւներէ օգտուելու վեց ամսուան կանխավճարներ կը գանձէ: