image

Տահէշ կը ստանձնէ եգիպտական օդանաւի վար առնելու դէպքը

Տահէշ կը ստանձնէ եգիպտական օդանաւի վար առնելու դէպքը

Եգիպտոս- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Ռուսական «Զվեզդա» կայանը  յայտարարած է, որ «Տահէշ» կազմակերպութիւնը ստանձնած է եգիպտական ​​օդանաւի վարբերման գործողութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ «Տահէշ» նաեւ սպառնալիքներ հնչեցուցած է՝ աւելի կործանարար յարձակումներ գործելու, Ֆրանսային մէջ՝ Եւրոպայի ոտնագնդակի (Ֆութպոլ) առաջնութեան մրցումներու ընթացքին: Իր հերթին իտալացի փորձագէտը հաստատած է, որ օդանաւի անկումը առաջացած է ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով, մատնանշելով պայթուցիկները օդանաւ մտցնելու հնարաւոր տարբերակը:

Աղբիւրը նաեւ տեղին կը համարէ նշել, որ միջադէպի ահաբեկչական գործողութեան վարկածը իրականութեան շատ մօտ է, յատկապէս օդանաւի բեկորներու յայտնաբերումէն ետք, ինչը կ'ապացուցէ օդանաւին վրայ զօրաւոր պայթումի մը տեղի ունենալը: