Տահէշ- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- «Տահէշ»ի աղբիւրները վերջերս տեղեկացուցած են իր շարքերէն ներս աղջիկ «լրտես»ի մը սպանութեան մասին, որ պատճառ դարձած էր «Տահէշ»ի 7 անդամներու սպանութեան եւ տեղեկութիւններ հաղորդած էր ռուսական հետախուզութեան՝ ահաբեկչական գործունէութիւններու մասին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար»: «Տիար» նաեւ կը նշէ, որ բրիտանական «Mirror» պարբերականը այս մասին հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ քաղաքացի Էլւիրա Քարաիւան 4 տարիներ աշխատած էր դաշնային Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան մօտ, մինչեւ «Տահէշ»ի շարքերը ներթափանցելը: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ Քարաիւան այդ ընթացքին տեղեկութիւններ կը փոխանցէր Մոսկուային, «Տահէշ»ի տարրերու՝ եւ գաղտնի կայաններու ու ապաստաններու մասին:
Աղբիւրի համաձայն, ռուս «լրտես»ը իր ինքնութիւնը լաւ ծածկելու համար, ամուսնացած էր «Ապու Մուսլէմ» ծածկանունով ճիհատիի մը հետ, եւ «Տահէշ» անոր բացայայտելէն ետք, մեղադրած էր իր ամուսնու թունաւորման եւ 6 այլ տարրերու սպանութեան մէջ: Թերթի համաձայն, «Տահէշ» կրցած էր բացայայտել լրտեսը, Քարաիւայի ձայնով ձայնագրութիւն մը լսելէն ետք, ուր ան կը խօսէր ռուսական հետախուզութեան հետ իր կապերու մասին:
Կը նշուի, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները ցարդ այս տեղեկութիւններու շուրջ ոչ մէկ կերպ չեն արձագանգած: